2015-06-17 10:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` Ընտանիքը. Սուգ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընտանիքի մասին խորհրդածութիւններու շարքին, Ֆրանչիսկոս Պապը, ներշնչուած Ղուկասի Աւետարանէն (7,11-15) քաղուած հատուածէն, ուր կը խօսուի Նայինի երիտասարդին յարութեան մասին, յայտնեց թէ հատուածին մէջ ի յայտ կու գայ  Յիսուսին գթութիւնը հանդէպ այրիին որ իր զաւակը կորսնցուց ու ապա կը բացայայտուի Անոր զօրութիւնը ի դէմ մահուան։

''Մահը` ըսաւ Քահանայապետը, բոլոր ընտանիքներուն հայող փորձառութիւն մըն է, առանց բացառութեան։ Մաս կը կազմէ կեանքին սակայն երբ կը դպչի ընտանեկան պարագաներուն կարծէս բնական իրողութիւն ըլլալէ կը դադրի։ Ան կը հակասէ ընտանիքին իմաստ տուող յարաբերութիւններու բնականութիւնը, երբ ծնողներ կը կորսնցնեն իրենց զաւակը որ իրենց ուրախութեան, զոհողութիւններուն եւ խոստումներուն կեդրոնը եղած է կամ երբ երիտասարդներ կ՛ապրին դատարկութեան հոգեվարքի փորձառութիւնը ծնողքի մը մահուան պատճառաւ։

Այս պարագաներուն մահը կը նմանի սեւ խորշի մը որ կը բացուի ընտանիքի կեանքէն ներս որուն չենք գիտեր բացատրութիւններ տալ եւ որուն հետեւանքով զԱստուած կը մեղադրենք։

Ֆիզիկական մահը ունի իր ''մեղսակիցները'' որ անորմէ աւելի գէշ են` ատելութիւն, նախանձ, հպարտութիւն, ագահութիւն, մէկ խօսքով մեղքը որ մահը կը դարձնէ աւելի ցաւալի եւ անարդար։ Մտաբերենք այն անհեթեթ ''բնականութեան'' երբ որոշ իրադարձութիւններու ընթացքին մահուան սարսափը յառաջ կու գայ այլ էակներու ատելութենէն եւ անտարբերութենէն։ Տէրը մեզ ազատէ այս իրողութեան վարժ դառնալէն։

Ամէն անգամ որ Ընտանիքը յանձնառու կը դառնայ սուգէն դուրս գալու հաւատքի եւ սիրոյ զօրութեամբ, ան արգելք կը հանդիսանայ մահուան մեզմէ ամէն ինչ խլելու փորձին մէջ։ Մահուան խաւարը դիմագրաւուելու է սիրոյ աւելի մեծ գործունէութեամբ։ Տիրոջ Յարութեան լոյսին մէջ որ երբեք մինակ չի թողուր անոնք որ Հայրը իրեն յանձնեց։ Այս հաւատքին մէջ մենք կրնանք մխիթարութիւն գտնել ու մխիթարել մէկը միւսին, այն գիտակցութեամբ որ Տէրը մէկ անգամ ընդ միշտ յաղթեց մահուան եւ այն յոյսով որ մեզի կը վստահեցնէ թէ մեր սիրելիները կը գտնուին Աստուծոյ բարի եւ զօրեղ ձեռքերուն մէջ։ Սէրը աւելի զօրաւոր է մահուընէ եւ ասոր համար է որ պէտք է աճեցնենք սէրը ու զայն դարձնենք աւելի զօրեղ եւ տոկուն մենք մեզ վստահեցնելով հաւատքին որպէսզի սուգի փորձառութիւնը` ընտանեկան կապերու մէջ յառաջացնէ աւելի մեծ զօրակցութիւն, նոր մօտեցում այլ ընտանիքներու ցաւին հանդէպ եւ նոր եղբայրութիւն այն ընտանիքներուն հետ որոնք կը ծնին ու կը վերածնին յոյսին մէջ։  

Այսօր անհրաժեշտ է որ Հովիւները եւ բոլոր քրիստոնեաները աւելի յստակ կերպով արտայայտեն հաւատքի իմաստը ընտանեկան սուգին ի տես։  Պէտք չէ ժխտել արտասուելու իրաւունքը Յիսուս ինքն ալ լացաւ եւ վշտացաւ սուգին դիմաց (Յովհ 11, 33-37)։ Վստահ ըլլալու ենք որ Աստուծոյ սիրոյ ներգործութիւնը աւելի հզօր է մահուան ներգործութենէն եւ մենք մեղսակից դառնալու ենք այդ սիրոյն մեր հաւատքով։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ողջունեց հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալները ու յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն  եւ նորապսակեալներուն ակնարկելով Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին ու հրաւիրելով երիտասարդները այդ Սրտին մէջ գտնելու իրենց հոգեւոր կեանքի սնունդը ու իրենց յոյսի աղբիւրը, Հիւանդներուն յորդորելով իրենց ցաւերը մատուցելու Տիրոջ որպէսզի իր սէրը տարածէ մարդոց միջեւ եւ նորապսակեալները խրախուսեց մօտենալու Սուրբ Հաղորդութեան  որպէսզի Քրիստոսով սնուցուած` դառնան Յիսուսի Սուրբ Սրտի սերէն մերձեցուած քրիստոնեայ ընտանիքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.